«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, 15 կէտի առաւելութեամբ` 116-101 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ այժմ կը յառաջանայ 2-0 արդիւնքով:

Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 32 կէտ, մինչ Սփըրզէն Լամարքուս Ալտրիճ` 34 կէտ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ իր դաշտին վրայ 113-103 արդիւնքով պարտուեցաւ Մայեմի Հիթէն:
Տուայն Ուայտ (Հիթ) նշանակեց 28 կէտ, մինչ Պեն Սայմընզ (Սիքսըրզ)` 24 կէտ: