Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալի համար 2017-2018 տարեշրջանը կը նկատուի աւարտած:
Չիլիցի ֆութպոլիստը, որ փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, երէկ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
Անոր բացակայութիւնը` Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն («Չեմփիընզ լիկ»), կրնայ ըլլալ զգալի: