Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն 7-1 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնելէ ետք իր անմիջական մրցակիցը` երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոն, հռչակուեցաւ Ֆրանսայի ախոյեան, եւ ատիկա` ախոյեանութեան աւարտէն հինգ հանգրուան առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, մայրաքաղաքի կազմը ունեցաւ 17 կէտի բաւական լայն առաւելութիւն մը:
Նախորդ տարեշրջանի ախոյեանն էր նոյնինքն Մոնաքօ: