Արժանթինեան Պոքա Ժունիորզ ֆութպոլի ակումբը մտադիր է պայմանագրութիւն մը կնքել Եուվենթուսի 40 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի հետ, կը հաղորդէ իտալական մամուլը:
Կը նշուի, որ այս տարեշրջանի աւարտին, երբ անոր պայմանագրութիւնը վերջ գտնէ Եուվէի հետ եւ ան դառնայ ազատ մարզիկ, այդ պարագային արժանթինեան կազմը իր շարքերուն պիտի միացնէ Պիւֆոնը:
Կը կարծուի, որ անոր պիտի առաջարկուի, կէս տարուան պայմանագրութիւն մը, որովհետեւ Պոքա Ժունիորզ կ՛ուզէ օգտուիլ անոր փորձառութենէն` Լեպերթատորեսի բաժակի մրցաշարքի փլէյ-օֆի մրցումներուն: