Մարքօ Վերաթթի Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթիի համար 2017-2018 տարեշրջանը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան: Իտալացի ֆութպոլիստը, որ մայիս 2016-ին եւս ենթարկուած էր վիրաբուժութեան, Լոս Անճելըսի մէջ լաւապէս ապաքինելէ ետք պիտի պատրաստուի նոր տարեշրջանին:



