«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Քաւալիրզ Ապահովեց Արեւելեան Շրջանի Աւարտականի Իր Տոմսը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ արեւելեան շրջանին մէջ կատարուեցան կիսաւարտականի երկու մրցումներ (փլէյ-օֆ): Լեպրոն Ճէյմս Քլիվլենտ Քաւալիրզ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով (128-93) եւ 4-0 արդիւնքով գերազանցելով Թորոնթօ Ռեփթըրզը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Յաղթական կազմին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ: Անիկա այժմ պիտի սպասէ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ - Պոսթըն Սելթիքս մրցումին յաղթականին: Սելթիքս, որ առաջին երեք մրցումներուն...



