Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Թայլանտի մէջ, «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի ընդհանուր տնօրէն, ծագումով լիբանանցի, մեքսիքացի Մորիսիօ Սլէյման պարգեւատրեց «Ֆինիքս Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Շահէ Երեւանեանը` ներկայութեամբ մեծաթիւ պատասխանատուներու:
Իբրեւ ընդհանուր տնօրէնը աշխարհի մեծագոյն ընկերութեան` Մուայ-թայի մարզաձեւին քաջալերման մէջ, Երեւանեան ստացաւ իր յատուկ յուշանուէրը` նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ ընկերութիւնը 2017-ին եւ 2018-ին կազմակերպած էր միջազգային մեծագոյն մրցաշարքեր եւ ախոյեանութիւններ:
Պարգեւատրումէն ետք Երեւանեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Սլէյմանին` յառաջիկային եւս մեծ մրցաշարքեր կազմակերպելու խոստումով: