Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, «Սփորթց Էվընիու»-ի դաշտերուն վրայ (Հազմիէ) սկիզբ առաւ «Քօ-լիկ»-ի մինի ֆութպոլի մրցաշարքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 դրամատուներ եւ 12 ընկերութիւններ:
Ա. հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Միջին Արեւելքի օդանաւային ընկերութիւն-«Պլոմ» դրամատուն` 9-2, լիբանանեան առեւտրական դրամատուն-«Ֆրանսապանք»` 3-2, Պէյրութի դրամատուն – «Տար»` 4-2, «Ֆըրսթ Նեշընըլ» դրամատուն – «Ալֆա»` 6-1, «Աուտէ» դրամատուն – «Պիպլոս» դրամատուն` 5-0, Պէյրութի եւ արաբական երկիրներու դրամատուն – «Տեմքօ»` 6-2, «Իհթիմատ Մասրըֆի» – «Էֆ. Թիմ.»` 6-0, «Միթսուլիֆթ» – «Ֆիթնըս Զոն»` 2-0, լիբանանեան` զուիցերիական դրամատուն – «Տելիութ»` 7-3: