«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ շատ հաւանական է, որ ՖԻՖԱ-ն ֆութպոլի նոր մրցաշարք մը կազմակերպէ աշխարհի լաւագոյն հաւաքականներուն համար: Այս գաղափարը յղացաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ:
Կը նշուի, որ այդ «ֆայնըլ-8» մրցաշարքին կազմակերպման համար ներդրողներու խումբը պատրաստ է 25 միլիառ ամերիկեան տոլար ծախսել:
Սակայն, այդ մրցաշարքին մասնակցող հաւաքականներուն անունները ցարդ յստակ չեն:
Շատ հաւանական է նաեւ, որ 2021 թուականէն սկսեալ կազմակերպուի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւն, որուն կը մասնակցին 24 խումբեր:
Այս մրցաշարքին կազմակերպումը կը նշանակէ, որ միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին կազմակերպումը պիտի դադրի: