«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ երկրորդ մրցումը, որ կ՛իյնայ արեւմտեան շրջանի կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ 116-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ: Երրորդ եւ չորրորդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Եութայի մէջ:
Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 32 կէտ, մինչ յաղթական կազմէն Ճօ Ինկըլզ` 27 կէտ:
Այսօր արեւելեան շրջանին մէջ կը կատարուին կիսաւարտականի երկու մրցումներ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ առաջին մրցումին դժուարութեամբ` երկարաձգումէն ետք միայն, 113-112 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քլիվլենտ Քաւալիրզէն, դարձեալ կը մրցի իր դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան երկրորդ մրցումին, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ հիւրը պիտի ըլլայ Պոսթըն Սելթիքսին:
Առաջին մրցումին Սելթիքս Պոսթընի մէջ արձանագրեց 117-101 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Արեւմտեան շրջանին մէջ ցարդ հանգիստ վիճակի մէջ կը գտնուի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ Նիւ Օրլինզի դէմ արձանագրած է երկու յաղթանակ (123-101 եւ 121-116):