Երկուշաբթի, 30 ապրիլին Լիբանանի աղջկանց ֆութսալի ազգային խումբը մեկնեցաւ Թայլանտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ աղջկանց ֆութսալի ախոյեանութեան:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ճափոնը, Չինաստանը եւ Պահրէյնը:
Այսօր Լիբանան Ճափոնի դէմ կը կատարէ իր առաջին մրցումը` ժամը 14:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Բերդապահներուն մարզիչն է Սարգիս Էսքիճեան, մինչ խումբին մէջ են երկու հայեր` Նաթալի Չիլինկիրեան եւ Նենսի Չայլեան: