Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի առաջին մրցումը կը սկսի երեքշաբթի, 8 մայիսին, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատին:
Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 9 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մանարայի մէջ:
Հինգշաբթի, 10 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:40-ին, Ռիատի երկրորդ անգամ ըլլալով հիւրը կ՛ըլլայ ՀՄԸՄ-ի, իսկ յաջորդ օրը` ուրբաթ, 11 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Մանարայի մէջ տեղի կ՛ունենայ չորրորդ մրցումը:
Շաբաթ, 12 մայիսին հանգիստի օր է:
Կիրակի, 13 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Ռիատի դարձեալ հիւրը կ՛ըլլայ ՀՄԸՄ-ի (անշուշտ եթէ մրցումին կարիքը զգացուի, ապա երկուշաբթի, 14 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, տեղի կ՛ունենայ վեցերորդ մրցումը, Մանարայի մէջ: