Նախորդ շաբաթավերջին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Հալմսթատ (Շուէտ) մեկնեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փինկ փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան:
Խումբին մաս կը կազմեն Մարիանա Սահակեան, Լեթիսիա Ազար, Միրիամ Հապաշ եւ Թալիա Ազար:
Լիբանանի մրցակիցները պիտի ըլլան (Ա. հանգրուան) Կուաթեմալա, Հարաւային Ափրիկէ, Ինտոնեզիա, Յորդանան եւ Ղազախստան: