Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայէն Պէյրութ վերադարձաւ Նաժահ ակումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Քաթարի լողարշաւի միջազգային ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական երկիրներէ հասած բազմաթիւ լողորդներ:
Լիբանանեան Նաժահ ակումբը իր մարզիկներուն տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ յաջողեցաւ տիրանալ 28 մետալներու, որոնցմէ 9-ը եղան ոսկի:
Ակումբի մարզիչ Մոհամետ Սաքր դրուատիքով արտայայտուեցաւ իր մարզիկներուն մասին` նշելով, որ արաբական այս լողարշաւի ախոյեանութեան Լիբանան եկաւ փաստելու իր գերակայութիւնը այլ երկիրներու վրայ: