Կազմակերպութեամբ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին, տեղի ունեցաւ անոր 22-րդ ֆութպոլի փառատօնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, երեսփոխան Պիլալ Ֆարհաթ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, բազմաթիւ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Նըժմէի աստղ Հասան Մաաթուք ընտրուեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի լաւագոյն լիբանանցի ֆութպոլիստը: Ան ստացաւ հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկիի նիւթական պարգեւ մը:
Իսկ լաւագոյն օտար ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Իսսա Եաաքուպօ (Ահտ):
Տեղի ունեցաւ նաեւ տարբեր տեսակի մրցանակներու տուչութիւն, բոլորն ալ` ֆութպոլի վերաբերեալ (լաւագոյն մարզիչ, խումբ եւ այլն):