Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արարատ Մոսկուա, որ հիւրը եղաւ Գառնիկ Աւալեանի գլխաւորած կազմին` Ռիազանին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Արարատ Մոսկուայի կոլերը նշանակեցին Դաւիթ Դաւիթեան (63-րդ) եւ Ալեքսէյ Քուրզենով (73-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Արարատ Մոսկուա, որ կը գրաւէ կեդրոնական գօտիի դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ունեցաւ 54 կէտ եւ ախոյեանութեան աւարտէն 6 հանգրուան առաջ ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը: Խումբը, որ ցարդ անպարտելի միակ կազմն է, արձանագրած է 17 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն: