Փինկ Փոնկ. Շարթիէ Տար Նուր` Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումը, երբ իրարու դէմ մրցեցան հիւսիսային Լիբանանի ախոյեան Շարթիէ Տար Նուր եւ Լեռնալիբանանի նահանգի ախոյեան Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա: Շարթիէ Տար Նուր հանդիսացաւ ախոյեան` 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր մրցակիցին դէմ: Այսպիսով, անիկա կը բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ Քֆարշիմա, փլէյ-օֆի մրցում մը կը կատարէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան...




