Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մթէյն) տեղի ունեցաւ 2018 տարուան 2-րդ «Սփիտ Թեսթ»-ի մրցումը` մասնակցութեամբ 61 ինքնաշարժներու եւ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:

Յաջորդաբար 2-րդ մրցումն ըլլալով Ռոժէ Ֆըղալի հանդիսացաւ առաջին իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-6»-ով արձանագրելով 1′ 59″ 48 արդիւնք մը:
Բաւական լաւ ներկայացում մը ունենալով` երկրորդ դիրքը գրաւեց Կարօ Յարութիւնեան, որ արձանագրեց 2′ 03″ 31 արդիւնք մը իր ինքնաշարժով` «Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-9»-ով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն: