Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին արդիւնքը: Մրցումը վերջ գտաւ Նըժմէի դէմ Ահտի արձանագրած յաղթանակով:
Դ. դասակարգին մաս կազմող Նասըր Քամետ Լոզ ենթարկուեցաւ տասը միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի:
Անիկա Նըժումի դէմ իր կատարած մրցումին պարտուած հռչակուեցաւ (3-2), անկէ խլուեցաւ 6 կէտ, պիտի վճարէ Պհամտունի դաշտին կրած վնասը (600 ամերիկեան տոլար), ինչպէս նաեւ պիտի վճարէ ֆետերասիոնին լուսանկարիչին կոտրուած լուսանկարչական մեքենային ծախսերը (200 ամերիկեան տոլար):
Խումբին մաս կազմող երեք մարզիկներ կախակայուեցան մէկ տարիով, վեց մարզիկներ` 8-ական մրցումով, մինչ ուրիշներ ենթարկուեցան նիւթական տուգանքի` 500 հազար լիբանանեան ոսկիէն հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկի:
Խումբը պիտի հոգայ նաեւ օրուան իրաւարարին բժշկական բոլոր ծախսերը, որոնց ճշգրիտ գումարը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ: