Նախանցեալ օր Լիվըրփուլ, որ յաջողեցաւ ապահովել «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը, իր նշանակած կոլերուն իմաստով (տարեշրջանի մը ընթացքին) հաստատեց նոր մրցանիշ մը:
Իր կատարած 14-րդ մրցումին ընթացքին Լիվըրփուլ, որ նշանակեց իր 46-րդ կոլը, ոչ միայն այս, այլ` եւրոպական բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին հաստատած եղաւ նոր մրցանիշ մը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Պարսելոնայի, որ 1999-2000 տարեշրջանին, այս մրցաշարքին գծով 16 մրցումի ընթացքին նշանակեց 45 կոլ: