Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ տասը օր առաջ, Բ. դասակարգին մաս կազմող երկու խումբեր` Անդրանիկ Պէյրութ եւ Հուփս, ապահովեցին տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Սակայն անոնց միջեւ կը մնային այն մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականար Բ. դասակարգի ախոյեանին անունը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումներուն, Անդրանիկ արձանագրեց երեք յաղթանակ, մինչ Հուփս` միայն մէկ:
Հետեւաբար, Անդրանիկ 3-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Հուփսը, իբրեւ ախոյեան բարձրացաւ Ա. դասակարգ եւ իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայէն: