Լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ անգլիական ակումբին հետ, կը յայտնէ պելճիքական մամուլը:
Նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2019, Չելսի իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի նախքան այդ թուականը ծախէ իր ֆութպոլիստը, այլապէս այդ պայմանագրութեան աւարտին ան կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ անվճար կը միանայ իր նախասիրած խումբին:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, Ռէալ Մատրիտ շատ մօտէն հետաքրքրուած է Քուրթուայով: Անիկա կ՛ուզէ անվճար ստանալ ֆութպոլիստին փոխանցման իրաւունքը եւ պիտի սպասէ անոր պայմանագրութեան աւարտին: