«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արեւելեան շրջանին մէջ կատարուեցան կիսաւարտականի երկու ճակատումներ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը, 128-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Ռեփթըրզ առաջին մրցումին եւս պարտուած էր (113-112):

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 43 կէտ, մինչ Տեմար Տերոզան (Ռեփթըրզ)` 24 կէտ:
Երրորդ եւ չորրորդ մրցումները Քլիվլենտի մէջ են:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, իր կարգին Պոսթըն Սելթիքս 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի վրայ` արձանագրելով 108-103 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անիկա առաջին մրցումին եւս յաղթած էր 117-101 արդիւնքով:
Սելթիքսէն Ճէյսըն Թաթում նշանակեց 21 կէտ, մինչ Սիքսըրզէն Ճէյ. Ճէյ. Ռետիք` 23 կէտ:
Երրորդ եւ չորրորդ մրցումները տեղի կ՛ունենան Ֆիլատելֆիոյ մէջ: