«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ չորս մրցումով կախակայեց եւ 10 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Աթլեթիքօ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէն:
Ան կախակայուեցաւ, որովհետեւ Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, կիսաւարտականի երթի մրցումին (Արսենալի դէմ, 1-1) օրուան իրաւարարը անպատուելէ բացի, կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Սիմէոնէ այսպիսով պիտի բացակայի 16 մայիսին Լիոնի մէջ տեղի ունենալիք վերոնշեալ մրցաշարքի աւարտականին, որուն ընթացքին իր կազմը պիտի մրցի Մարսէյի դէմ: