Պայէրն Միւնիխի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը խումբի ֆրանսացի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերիի հետ:
Այսպիսով, 35 տարեկան Ռիպերի նուազագոյնը տարեշրջան մը եւս պիտի բոլորէ «Պունտըսլիկա»-ի ամէնէն զօրաւոր կազմին հետ:
Ան 2007-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պայէրնին: