Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, հինգշաբթի, 10 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ ազդանշանը կը տրուի Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան պաշտօնական բացման հանդիսութեամբ:
Այս առիթով Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը վաղը` չորեքշաբթի, 9 մայիսին յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, «Փորթեմիլիօ» պանդոկին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ այս ախոյեանութեան առնչուող հարցերուն:
Անոր ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Ասիոյ ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Իպատ Անիզի եւ այլ հրաւիրեալներ: