Ըստ սպանական մամուլին, Պարսելոնա բաւական լուրջ աշխատանքի անցած է եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանը:
Այս տեղեկութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Պարթոմէու` նշելով, որ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարէ Կրիզմանի գործակալին հետ, անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Սփորթ» սպանական կայքը:
Կրիզմանի պայմանագրութիւնը Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2022: