Նախորդ շաբաթավերջին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, արեւելեան շրջանին մաս կազմող Քլիվլենտ Քաւալիրզ եւ Պոսթըն Սելթիքս իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելով 3-0 արդիւնքով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները` յաջորդաբար Թորոնթօ Ռեփթըրզը եւ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը:
Անոնք այժմ միայն յաղթանակի մը կարիքը ունին` ապահովելու համար արեւելեան շրջանի աւարտականի իրենց տոմսերը:
Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան շրջանին, Հիուսթըն Ռոքեթց 100-87 արդիւնքով յաղթելով Եութա Ճեզին, այժմ 3-1 արդիւնքով գերազանցեց զայն:
3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ նաեւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ 118-92 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզին:
Այս մրցումին Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 38 կէտ, մինչ Անթոնի Տէյվիս (Օրլինզ)` 26 կէտ:
Իսկ Քաւալիրզ – Ռեփթըրզ մրցումին Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 38 կէտ: