Հայ կռփամարտիկ Վանես Մարտիրոսեան, նախորդ շաբաթավերջին մենամարտեցաւ միջին քաշային կարգերու մէջ, «Տապըլիու. Պի. Սի.», «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Էյ. – Սուփըր», «Այ. Պի. Էֆ.» եւ «Այ. Պի. Օ.» վարկածներով աշխարհի ախոյեան Կենատի Կոլովքինի դէմ մենամարտին պարտուեցաւ նաք-աութով:
Ղազախ կռփամարտիկը երկրորդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց հայ մարզիկը եւ իր մօտ պահեց վերոնշեալ տիտղոսները:
Այս մենամարտը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Նեւատա նահանգի Քարսըն Սիթի քաղաքին մէջ:
Ամերիկահայ Մարտիրոսեան մայիս 2016-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէ մենամարտ մը` կրելով իր արհեստավարժ ասպարէզին 4-րդ պարտութիւնը: Ան առաջին անգամն ըլլալով կը պարտուի նաք-աութով: