Մարզական

Ուէյն Ռունի Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Էվըրթընէն

Էվըրթընի յառաջապահ Ուէյն Ռունի շատ հաւանաբար լքելով իր կազմը, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ անգլիացին լիվըրփուլեան ակումբին տեղեկացուցած է, որ շատ հաւանաբար միանայ ամերիկեան Տի. Սի. Եունայթըտ խումբին: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, 32 տարեկան ֆութպոլիստը, փոխան 12,5 միլիոն փաունտի պիտի կնքէ 2 տարուան պայմանագրութիւն մը: «Մէյճըր լիկ»-ի փոխանցումները կը սկսին 10...

«Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆ. Սելթիքս Հանդիսացաւ Վերջին Խումբը, Որ Հասաւ Աւարտականին

Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ մրցում մը, որուն ընթացքին արեւելեան շրջանին մէջ Պոսթըն Սելթիքս հիւրընկալեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը: Նախքան այս մրցումը, Սելթիքս 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը: Անիկա իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելով (114-112) հանդիսացաւ վերջին խումբը, որ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճէյսըն Թաթում (25), իսկ Սիքսըրզէն` Ժոել...

Նէյմարի Հայրը Գործակատարէն Խնդրած Է Օգնել Իր Զաւկին` Տեղափոխուելու Համար Ռէալ Մատրիտ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հայրը կապ հաստատած է անուանի գործակատար Փինի Չախաւիի հետ` իր զաւակը այլ ակումբ տեղափոխելու խնդրանքով, կը յայտնէ «Ֆութպոլ-ֆրանս»-ը: Կը նշուի, որ անոնց միջեւ այդ հանդիպումը տեղի ունեցած է 24 ապրիլին: Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտ փոխանցումը Նէյմարի հօր փափաքն է` նկատի ունենալով, որ ան արքայական ակումբին հետ կրնայ աւելի լաւ աշխատավարձ ստանալ:...

Իտալական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Բաժակակիր` 13-րդ Անգամ Ըլլալով

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ տիտղոսին տիրանալու համար միայն մէկ կէտի պէտք ունեցող Եուվենթուս հանդիսացաւ Իտալիոյ բաժակակիր, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին 4-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ա. Սէ. Միլանը: Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ: Մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրիի կազմը` Եուվենթուս յաջորդաբար չորրորդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:...

Արժանթինեան Ֆութպոլ. Պոքա Ժունիորզ` Ախոյեան

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանէն առաջ, Պոքա Ժունիորզ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: Արդարեւ, 25-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ Պուէնոս Այրեսի կազմը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Խիմնասիայի հետ, 4 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` 2-րդ դիրքը գրաւող Կոտոյ Քրուզի վրայ: Այսպիսով, Պոքա Ժունիորզ Արժանթինի ախոյեան դարձաւ 33-րդ անգամն ըլլալով: Սակայն մրցանիշը կը պատկանի Ռիվըր Փլէյթի (36 անգամ):

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Ռիատի` 1-1. Այսօր` Երրորդ Մրցումը Երեկոյեան Ժամը 20:40-ին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի` 1-1. Այսօր` Երրորդ Մրցումը Երեկոյեան Ժամը 20:40-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երէկուան մրցումին պարտուեցաւ 87-65 արդիւնքով (27-15, 15-22, 22-16, 23-12): Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Ռիատի արդիւնքը հաւասարեցնէ 1-1-ի (ընդամէնը` եօթը մրցում): Ռիատի իր այս յաղթանակը կերտեց իր թրի փոյնթերուն շնորհիւ` նկատի ունենալով, որ...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկիզբ առաւ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը: Ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին մէկ հանգրուանի դրութեամբ միայն, այսինքն` տեղի պիտի ունենան երթի մրցումներ միայն (եւ ոչ թէ երթուդարձ): Ա. հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ կարեւորագոյն արդիւնքները. Ժընուպ Թուլ - Անդրանիկ Անթիլիաս` 3-0, Պարաղեմ Նապաթիէ - ՀՄԸՄ Պէյրութ` 3-1, Լիուա...

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթաքին.  Օմանցի Վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր Յայտարարեց «Փորշ Սուփըր Քափ»-ին Իր Մասնակցութեան Մասին

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթաքին. Օմանցի Վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր Յայտարարեց «Փորշ Սուփըր Քափ»-ին Իր Մասնակցութեան Մասին

«Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) օմանցի փորձառու միջազգային վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր մեծաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2018-ի «Փորշ Սուփըր-Քափ»-ի միջազգային ախոյեանութեան: Հակառակ տարիքով փոքր ըլլալուն (20 տարեկան), ան երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով կը մասնակցի այս ախոյեանութեան: Սակայն միջազգային բաւական լայն փորձառութիւն ունեցող օմանցի վարորդը մեծ յոյս ունի, որ այս տարի բաւական լաւ...

Պասքեթպոլ. Լուէյզիի Տղոց Խումբը Տիրացաւ «Էյ. Եու. Էլ.»-ի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Էյ. Եու. Էլ.» համալսարանի Քասլիքի բաժանմունքին, Ղազիրի եւ Ֆուատ Շեհապի անուան դաշտերուն վրայ տեղի ունեցաւ տղոց պասքեթպոլի առաջին դպրոցական մրցաշարքը` հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 խումբեր: Աւարտական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ղազիրի դաշտին վրայ, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ 76-64 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ժիպէյլի երկրորդ վարժարանին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր: Մրցաշարքը սկսաւ նաք-աութի դրութեամբ` նախորդ 17 ապրիլին: Այստեղ տեղին...

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Ռոքեթց Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ճեզը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցան 5-րդ մրցումները: Հիուսթըն Ռոքեթց 112-102 արդիւնքով յաղթելով Եութա Ճեզին եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցելով զայն, ապահովեց այս շրջանի աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Նիւ Օրլինզ մրցումին յաղթականին դէմ: Նշենք, որ երէկ Ուորիըրզ 3-1 արդիւնքով գերազանցեց Օրլինզը` 113-104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ...

2018-ի Մոնտիալ. Մարիօ Կոմեզ Գերմանիոյ Հաւաքականին Մէջ Ընդգրկուելու Յոյս Ունի

Շթութկարթի յառաջապահ Մարիօ Կոմեզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին առանց բառերը ծամծմելու ըսաւ, թէ կ՛ուզէ իր մասնակցութիւնը բերել Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին: Ան յայտնեց, թէ մեծ յոյս ունի, որ շուտով կ՛ընդգրկուի Գերմանիոյ հաւաքականին մէջ, եւ կազմին հետ մեկնելով Ռուսիա` այդտեղ կ՛արձանագրէ բացառիկ եւ տպաւորիչ արդիւնքներ: 2018-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 14 յունիսէն 15 յուլիս:

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն 12-րդ Անգամն Ըլլալով Բաժակակիր

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Գ. դասակարգին մաս կազմող Լը Զերպիէ խումբին, տիրացաւ տիտղոսին: Այսպիսով, Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմը 12-րդ անգամն ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, իսկ վերջին չորս տարիներուն` յաջորդաբար չորրորդ անգամն ըլլալով:

Սերճիօ Ռոպերթօ 4 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Ռոպերթօ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ չորս մրցումով կախակայուեցաւ, Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի (Քլասիքօ»-ի մրցումին (2-2) Մարսելոյի դէմքին հարուածած ըլլալուն պատճառով: Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթօ, նախքան խումբներուն հանդերձարան մեկնիլը, կարմիր քարտ մը ստացաւ օրուան կեդրոնի իրաւարարէն` Ալեխանտրօ Հեռնանտեսէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան պիտի բացակայի Պարսելոնայի կատարելիք յաջորդ 4 մրցումէն: Սպանական մամուլը...

2018-ի Մոնտիալ. Մանուէլ Նէօյըրի Մասնակցութիւնը` Հարցականի Տակ

Ծանր վնասուածքէն վերականգնող գերմանացի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրի մասնակցութիւնը 2018-ի մոնտիալին հարցականի տակ դրուած է: Ան նախորդ սեպտեմբերէն ի վեր բացակայ է ֆութպոլի դաշտերէն` իր ձախ ոտքին հասած ծանր վնասին պատճառով: «Պունտըսլիկա»-ն շուտով պիտի աւարտի եւ ցարդ անորոշ կը թուի մոնտիալին մասնակցիլս: Կը մնայ սպասել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրս` Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ», կ՛ըսէ ան: Նախապէս Պայէրնի մարզիչ Եուփ...

Ռակպի. Պալամանտի Համալսարանը Տիրացաւ Համալսարաններու 2017-2018 Տարեշրջանի Տիտղոսին

Համալսարաններու ռակպիի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Պալամանտի համալսարանը, որ աւարտական մրցումին բաւական մեծ տարբերութեամբ` 38-8 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանեան - ամերիկեան համալսարանին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ռիատին. Այսօր` Երկրորդ Մրցումը Մանարայի Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ռիատին. Այսօր` Երկրորդ Մրցումը Մանարայի Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 8 մայիսին, սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումները, երբ տեղի ունեցաւ առաջին մրցումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ: Այս առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, որ իր ցուցադրած բացառիկ եւ տպաւորիչ մրցումով, 94-83 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը (19-28, 32-17, 73-65, 94-83)...

Ալեքս Ֆերկըսըն Դուրս Եկաւ Մահաքունէն

Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիչ, ֆութպոլի փորձառու մասնագէտ Ալեքս Ֆերկըսընի մօտ նկատուած է դրական տեղաշարժ: Քանի մը օր առաջ 76 տարեկան սկովտիացին վիրաբուժութեան ենթարկուած էր ուղեղի արիւնահեղութեան պատճառով եւ կը գտնուէր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: «Տէյլի Մէյլ»-ի համաձայն, ան թէեւ բժշկական խիստ հոգատարութեան տակ է, բայց եւ այնպէս նախանցեալ օր դուրս եկած է մահաքունէն եւ սկսած է խօսիլ իր հարազատներուն հետ:...

Ըմբշամարտ. Միհրան Յարութիւնեան Պիտի Մենամարտի Իրանցի Ալի Եուսեֆի Դէմ

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Միհրան Յարութիւնեան, «Ֆայթց նայթ կլոպըլ»-ի խառն մենամարտերուն ծիրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրեն մրցակից պիտի ունենայ իրանցի Ալի Եուսեֆը: Այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 19 մայիսին Ռոսթովի մէջ (Ռուսիա), ուր կը կատարուին այդ մենամարտները: 29 տարեկան Յարութիւնեան, Ռիօ-2016-ին մասնակցելէ ետք, բացակայեցաւ մրցագորգերէն, իր ուսին ստացած վնասուածքին պատճառով: Անկէ ետք ան քանի...

Հռոմի Պապին Կեանքը Վտանգուած Է…

Համացանցին վրայ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին հրապարակուած են կէս-կատակ, բայց իրականութեան համապատասխանող լուրեր, որոնք կապուած են Անգլիոյ արքայազունին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ծիրին մէջ Լիվըրփուլի յաղթանակին եւ Հռոմի պապին: Երեք տարբեր տարիներու ընթացքին արձանագրուած են հետեւեալ զուգադիպութիւն-իրականութիւնները. 1981 1.- Անգլիոյ արքայազունը կ՛ամուսնանայ 2.- Լիվըրփուլ կը տիրանայ «Չեմփիընզ-լիկ»-ին 3.- Հռոմի պապին վրայ կը կրակեն 2005 1.- Անգլիոյ արքայազունը կ՛ամուսնանայ 2.- Լիվըրփուլ կը...

Փաշիկ Ալավերդեան. «Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Հաւաքականները Կը Մնան Որակազրկուած»

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար, Հայաստանի Տղոց Ծանրաբարձութեան Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան, Իր Տուած Մամլոյ Ասուլիսին Ընթացքին Յայտարարեց, Որ Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Հաւաքականները Կը Շարունակեն Մնալ Որակազրկուած` Խթանիչ Դեղերու Գործածութեան Պատճառով: Այդ Կախակայումը Պիտի Մնայ Մինչեւ Աշխարհի Ախոյեանութիւն` Նկատի Ունենալով, Որ Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնը Ցարդ Յստակ Դիրքորոշում Չէ Ներկայացուցած Հայաստանի Հաւաքականներուն Նկատմամբ: Ծանրաբարձութեան Միջազգային Ֆետերասիոնի 3-6 Մայիս Տեւած Հերթական Նիստին...

Page 842 of 1278 1 … 841 842 843 … 1,278

Արխիւներ