Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար իր ստացած վնասուածքէն ետք առաջին անգամ ըլլալով մարզուեցաւ ֆրանսական ակումբին մէջ, յայտնեց մայրաքաղաքի խումբին պաշտօնական կայքը:
Նշուեցաւ, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը կազմ ու պատրաստ պիտի ըլլայ ներկայացնելու համար իր երկիրը` 2018-ի մոնտիալին: