Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Անթուան Շարթիէի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տղոց տարիքային մրցաշարքը, որ կ՛ընթանայ բաւական հետաքրքրական եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, արդէն իսկ հասած է կիսաւարտական հանգրուան:
Անիկա կ՛աւարտի շաբաթ, 12 մայիսին: Տեղի կ՛ունենան 10, 12, 14 եւ 16 տարեկան դասակարգի մրցումներ` մասնակցութեամբ 20 ակումբներէ 800 մարզիկներու:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին (Պաուշրիէ), ինչպէս նաեւ Հուփսի Հազմիէ եւ օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող դաշտերուն վրայ: