Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ներկայ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի բացման մրցումին, որուն ընթացքին հիւրընկալ երկիրը պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ, այս գծով յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Ցարդ յստակ չէ, թէ նախագահը այլ մրցումներու ալ ներկայ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ:
2018-ի մոնտիալի բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 յունիսին եւ պիտի աւարտի 15 յուլիսին: