Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը գրեթէ հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ այժմ մնացած է միայն աւարտական հանգրուանը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ եւ Ռիատի:
Առաւելագոյն եօթը մրցումէն չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Երկու կազմերուն միջեւ առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 8 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Սպասուած այս յաղթանակին մէջ բնականաբար իրենց մեծ եւ կարեւոր դերը ունին ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք պէտք է խիտ շարքերով ուղղուին դաշտ եւ ամբողջ 40 վայրկեան քաջալերեն իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, բնականաբար մնալով օրինակելի համակիրներ, առանց ոչ մէկ հարց ստեղծելու թրիպիւններուն վրայ:
Քաջալերելով ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմը, կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ յաղթանակի, որուն բնականաբար պիտի յաջորդեն այլ յաղթանակներ:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրն է «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը:



