«Սքայ-Սփորթց»-ի հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, շատ հաւանական է, որ Մասիմիլիանօ Ալեկրի ըլլայ Արսենալի յաջորդ մարզիչը:
Եուվենթուսի մարզիչը այս տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք, իտալական կազմին հետ յատուկ հանդիպում մը ունենալէ ետք պիտի յստակացնէ իր ապագան, թէ պիտի շարունակէ՞ մարզել իր կազմը, թէ՞ պիտի հեռանայ խումբէն:
Եուվէի հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2019:
Կը նշուի նաեւ, որ Արսենալ մօտէն հետաքրքրուած է Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Լուիս Էնրիքէով: