Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ զայն հիւրընկալող երկրին` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, առաջին անգամ ըլլալով պիտի կատարուի մասնակցութեամբ 24 խումբերու` 16-ի փոխարէն:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը բաժնուեցան վեց խմբակի:
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մաս կազմեց Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Հիւսիսային Քորէան: Բացման մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Պահրէյնը:




