Ռոպեն Եւ Քասիաս Պիտի Մնան Իրենց Ակումբներուն Հետ
Գերմանական Պայէրն Միւնիխի հոլանտացի միջնապահ Արժեն Ռոպեն երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: Նոր պայմանագիրով, 34 տարեկան ֆութպոլիստը տարեշրջան մը եւս Միւնիխ պիտի մնայ, յայտնեց «Պունտըսլիկայ»-ի ախոյեանին պաշտօնական կայքը: 2009-ին Պայէրնի միացած Ռոպեն, աւարտած տարեշրջանին իր կազմին հետ իր կատարած 21 մրցումին ընթացքին, նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ: 2018-2019 տարեշրջանին իր ակումբին Փորթոյի հետ պիտի շարունակէ նաեւ ելոյթ ունենալ Սպանիոյ ֆութպոլի...



