Դանիական Հոպրոյի միջնապահ Էտկար Բաբայեան, անդրադառնալով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միանալու առումով իր ստացած հրաւէրին, ըսաւ.
«Հպարտ եմ, որ հրաւիրուեցայ Հայաստանի հաւաքական, եւ անհամբեր կը սպասեմ խումբին միանալու այդ իւրայատուկ պահուն: Այս աջակցութեան համար մեծապէս շնորհակալ եմ բոլորին»:
Բաբայեան հաւաքական հրաւիրուեցաւ Մալթայի (29 մայիս) եւ Մոլտովայի (4 յունիս) դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն մասնակցելու համար:
Ան Հոպրոյի խումբին հետ 38 մրցումի ընթացքին նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ:



