«Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, որ 1966-ին մոնտիալին իր երկրին` Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ռէյ Ուիլքինզ երէկ իր մահկանացուն կնքեց: Ան 83 տարեկան էր:
32 տարեկանին Ուիլքինզ, դարձաւ աշխարհի ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը, որ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը ելոյթ ունեցած է Հատըրսֆիլտի հետ: Ապա տեղափոխուած է Էվըրթըն, ապա զբաղած է մարզիչի ասպարէզով:
Հակառակ անոր որ 2004-ին անոր մօտ յայտնաբերուած է Ալցհայմըր հիւանդութիւնը, սակայն ան մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը կը շարունակէր ներկայ գտնուիլ Հատըրսֆիլտի կատարած մրցումներուն: