Մարզական

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Լիբանանի Մէջ Աղջկանց Առաջին Ռելին Վերջ Գտաւ Մեծ Խանդավառութեամբ

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի Մէջ Աղջկանց Առաջին Ռելին Վերջ Գտաւ Մեծ Խանդավառութեամբ

Հսկողութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին երկու օրերու տեւողութեան վրայ, տեղի ունեցաւ ռելիի իր տեսակին մէջ եզակի մրցում մը` աղջկանց ռելին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եւրոպական երկիրներէ եկած իգական սեռի անուանի եւ փորձառու վարորդներ: Ռելիի այս մրցումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Թեք կրուփ» ընկերութեան սեփականատէր Շահրազատ Ռըզքի: Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Շահրազատ Ռըզք ըսաւ, որ իրեն համար...

Հայկական Ֆութպոլ. Պարգեւատրուեցան Հայաստանի Ախոյեանութեան Մրցանակակիրները

Ալաշկերտ-Գանձասար Կապան (2-0) Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 30-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի 26-րդ ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց նախորդ 2 տարիներու ախոյեան Ալաշկերտին, Բանանց ստացաւ արծաթէ մետալները, իսկ նախորդ տարուան փոխախոյեան Գանձասար Կապան` պրոնզէ մետալները: Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ Ալաշկերտի միջնապահ Արտակ Եդիգարեան (13 կոլով): Նշենք, որ պայմանաւորուած խաղի...

Ըմբշամարտ. Յովհաննիսեան Եւ Նազարեան` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեաններ

Հայաստանը ներկայացնող Սահակ Յովհաննիսեան տիրացաւ Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան ախոյեանի կոչումին: Աւարտականին ան 60 քկ դասակարգի մրցումներուն 5-3 արդիւնքով յաղթեց իր վրացի մրցակիցին: Գառնիկ Յարութիւնեան (48 քկ), Ռոպերթ Կարապետեան (51 քկ) եւ Շանթ Խաչատրեան (65 քկ) տիրացան պրոնզ մետալին: 45 քկ դասակարգին մէջ իր կարգին ոսկի մետալի տիրացաւ Պուլկարիան ներկայացնող Էտմոնտ Նազարեան: Վերջինս անկախ...

Սամպօ. Տիգրան Կիրակոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի սամպոյի հաւաքականը 6 մետալի տիրացաւ 18-էն 20 մայիսին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան, որուն մասնակցեցան 26 երկիրներէ եկած աւելի քան 300 մարզիկներ: Տիգրան Կիրակոսեան (Վանաձորէն) մարզական սամպոյի Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ` 52 քկ դասակարգին մէջ: Իսկ Արսէն Ղազարեան (74 քկ) տիրացաւ պրոնզ մետալին: Իսկ մարզական Սամպոյի մրցաշարքին պրոնզէ մետալներու տիրացան Գրիգոր Մխիթարեան (52 քկ), Մխիթար Մխիթարեան (57...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Նորեկը Հասաւ Երեւան

Երէկ` երկուշաբթի, 21 մայիսին, Երեւան հասաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորեկը` Ժորտի Ժոաօ Մոնրոյ Արարատ: Քոլոմպիական Պոյաքա Չիքօ ակումբէն հանդէս եկող ֆութպոլիստին օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Հայաստանի հաւաքականի ֆեն-քլապի` ՖԱՖ-ի եւ «Ռետ Իկըլզ»-ի ներկայացուցիչները: Ան պիտի նախապատրաստուի Մալթայի եւ Մոլտովայի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն:

Ռուսական Ֆութպոլ. Ենիսէյը Արթուր Սարգիսովի Հետ Ապահովեց «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Իր Տոմսը

Նախորդ շաբաթավերջին Քրասնոյարսքի Ենիսէյը ապահովեց Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր տոմսը: Անժիի դէմ տեղի ունեցած փլէյ-օֆի դարձի մրցումին թէեւ Ենիսէյ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն բարձրացաւ բարձրագոյն դասակարգ` նկատի ունենալով, որ երթին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Ենիսէյին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով:

«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆ. Ուորիըրզ – Ռոքեթց` 2-1

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Հիուսթըն Ռոքեթց երրորդ ճակատումը առաջինին դաշտին վրայ: Ուորիըրզ 126-85 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 126-85 արդիւնքով կը գերազանցէ Ռոքեթցը: Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քերի (35), մինչ Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն բաւականացաւ միայն 20 կէտով: Նշենք, որ չորրորդ մրցումը պիտի...

Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի «Նորուէյ Չես»-ին

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան պիտի մասնակցի Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ 28 մայիսէն 8 յունիս տեղի ունենալիք «Նորուէյ Չես» հեղինակաւոր մրցաշարքին: Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Մակնիւս Քարլսեն (Նորվեկիա), Ֆապիանօ Կարուանա (Միացեալ Նահանգներ), Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ (Ֆրանսա), Հիքարու Նաքամուրա (Միացեալ Նահանգներ), Ուեսլի Սոն (Միացեալ Նահանգներ), Սերկէյ Քարիաքին (Ռուսիա), Տին Լիրեն (Չինաստան), Վիշվանաթան Տենանտ (Հնդկաստան), Շահրիար Մամեարով (Ազրպէյճան): Լեւոն Արոնեան «Նորուէյ Չես»-ի գործող...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այնթրախտ Ֆրանքֆորթ Եւ Չելսի` Բաժակակիր

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այնթրախտ Ֆրանքֆորթ Եւ Չելսի` Բաժակակիր

Գերմանիա Այնթրախտ Ֆրանքֆորթ 5-րդ անգամ ըլլալով նուաճեց Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակը: Պերլինի Ողիմպիական դաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտականին Այնթրախտի մրցակիցն էր  Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ: Մրցումին 11-րդ վայրկեանին Այնթրախտի մարզիկ Անտէ Ռեպիչ  նշանակեց իր առաջին կոլը: Ռոպերթ Լեւանտովսքի 53-րդ վայրկեանին հաւասարեցուց հաշիւը, որմէ ետք կը կարծուէր, թէ Պայերն Միւնիխ թեւեր պիտի առնէ, սակայն պատահեցաւ հակառակը. Անտէ Ռեպիչ 82-րդ վայրկեանին նշանակեց իր...

Կլոպ. «Սալահ Սքանչելի Մրցաշրջան Բոլորեց, Բայց Ռոնալտոն Այդպիսի 15 Հատ Ունեցած Է»

Լիվերփուլի մարզիչ Եուրկըն Կլոպ կը խորհի, որ միջնապահ Մ. Սալահ պէտք է շատ աշխատի, որպէսզի հասնի Ռէալի յառաջապահ Ք. Ռոնալտոյի մակարդակին: «Մ. Սալահ սքանչելի մրցաշրջան բոլորեց, բայց Ռոնալտոն 15 այդպիսի մրցաշրջան ունեցած է: Ան շուրջ 47 հազար կոլ նշանակած է. խելահեղ ցուցանիշ է: Ինչո՞ւ մենք կը համեմատենք. Փելէի թագաւորութեան ժամանակ ոչ ոք միւս խաղացողները անոր հետ կը համեմատէր, չէր հարցներ`...

Ռէալի 200 Համակիրներ Վերադարձուցած Են Աւարտականի Տոմսերը

Ռէալի աւելի քան 2000 համակիրներ ստիպուած վերադարձուցած են «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի իրենց տոմսերը: Ասիկա պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ  մրցումի օրերուն տուներու վարձակալութեան բարձր գիներով: Կը նշուի, որ Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները  վերադարձուած տոմսերը վաճառքի դրած են:

Միհրան Յարութիւնեանի Տպաւորիչ Մենամարտը

Միհրան Յարութիւնեանի մուտքը խառն մենամարտի մարզաձեւ տպաւորիչ յաղթանակով եղաւ: «Ֆայթ Նայթց Կլոպըլ»-ի Ռոստովի մէջ կազմակերպած երեկոյին ընթացքին Ռիոյի ողիմպիական փոխախոյեանը առաջին անգամ ռինկ  բարձրացաւ եւ երկրորդ ռաունտը սկսելէն քանի մը երկվայրկեան ետք յաղթանակ տօնեց` պարտութեան մատնելով 9 մենամարտի փորձառութիւն ունեցող իրանցի Ալի Եուսեֆը: Երեկոն սկսաւ նշանակուած ժամանակէն քիչ մը ուշ: Մրցաշարքը սկսելէն ժամեր առաջ մարզադաշտի  բակին մէջ արդէն ասեղ նետելու...

Արամ Աւագեանի Եւ Նարեկ Աբգարեանի Յաղթանակները

Արհեստավարժ մենամարտի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներ Արամ Աւագեան եւ Նարեկ Աբգարեան յաղթանակներ նուաճեցին: Սպանիոյ Էլչէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մենամարտերուն Արամ Աւագեան 10 ռաունտէ ետք յաղթեց մեքսիքացի Էմանուել Լոփեսին եւ նուաճեց «Տապլիու. Պի. Սի. Ինթըրնեշընըլ Սիլվըր» գօտին: Նարեկ Աբգարեանը մենամարտեցաւ Նիքարակուայի ներկայացուցիչ Փապլօ Նարուաէզի հետ եւ նոյնպէս յաղթեց:  

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Կրճատեց Կիսաւարտականի Հաշիւը

«Էն.Պի.Էյ.»-ի կիսաւարտականի երրորդ խաղին,  փոխախոյեան Քլիվլենտ  իր դաշտին վրայ 116-86 (32-17, 29-24, 26-22, 29-23) արդիւնքով յաղթեց Պոսթընին` կրճատելով շարքի հաշիւը (1-2): Մրցումին ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը  հռչակուեցաւ Քլիվլենտի աստղ Լեպրոն Ճէյմս` շահելով 27 կէտ:

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ «Սփիտ Թեսթ»-ի 3-րդ Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, վաղը` կիրակի, 20 մայիսին, «Մըզար Մոթոր Փարք» վազքուղիին վրայ (Քֆարզեպիան) տեղի կ՛ունենայ 2018 տարուան «Սփիտ Թեսթ»-ի 3-րդ մրցումը: Կազմակերպիչները այս մրցումին մասնակցողներուն անունները պիտի յայտարարեն այսօր` շաբաթ, 19 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին:

Փինկ Փոնկ.  Ժընուպ Թուլ Եւ Նատուա Քամաթիէ Տիտղոսը Պահեցին Իրենց Մօտ

Փինկ Փոնկ. Ժընուպ Թուլ Եւ Նատուա Քամաթիէ Տիտղոսը Պահեցին Իրենց Մօտ

Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան, տղոց եւ աղջկանց տիտղոսակիրները մնացին անփոփոխ: Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Ժընուպ Թուլ, իսկ աղջկանց ախոյեան` Նատուա Քամաթիէ: ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները հանդիսացան փոխախոյեան, Ատապ ուալ Ռիատա Քֆարշիմա գրաւեց երրորդ դիրքը, մինչ չորրորդ հանդիսացաւ Մոն լա Սալ: Տղոց պարագային, Լիբանանեան բանակը հանդիսացաւ փոխախոյեան: Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը. 1.- Ժընուպ Թուլ, 2.- Լիուա Սայտա, 3.- Լիբանանեան բանակ,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Պայէրն Միւնիխ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ

Այսօր` շաբաթ, 19 մայիսին, տեղի կ՛ունենան Անգլիոյ եւ Գերմանինոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն աւարտական ճակատումները: «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, ժամը 19:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Չելսի կը մրցի Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ: Մրցումին կեդրոնի իրաւարարն է Մայքըլ Օլիվըր: Իսկ ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պայէրն Միւնիխ պիտի ճակատի Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ: Մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ Ֆելիքս Զվայըր, մինչ անիկա տեղի պիտի ունենայ «Օլիմփիասթատիոն»-ի մարզադաշտին վրայ:

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջին Կ՛աւարտին Նաեւ Իտալիոյ, Սպանիոյ Եւ Ֆրանսայի Ախոյեանութիւնները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կ՛աւարտին Նաեւ Իտալիոյ, Սպանիոյ Եւ Ֆրանսայի Ախոյեանութիւնները

Նախորդ շաբաթ աւարտեցան Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Այս շաբաթավերջին անոնց կու գան միանալու նաեւ Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի ախոյեանութիւններն ալ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԻՏԱԼԻԱ. 38-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Եուվենթուս (1) - Հելաս Վերոնա (19) 16:00 ՎԱՂԸ   Ճենովա (12) - Թորինօ (10) 16:00 Ա. Սէ. Միլան (6) - Ֆիորենթինա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Թունուզցի Թարեք Սապեթ Նշանակուեցաւ Սալամ Զղարթայի Մարզիչ

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Սալամ Զղարթա պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ թունուզցի Թարեք Սապեթ նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ` 2018-2019 տարեշրջանին համար: 2005-ին ֆութպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը լքած Սապեթ անցեալին եղած է Թունուզի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզին ֆրանսացի Ռոժէ Լըմերի օգնականը, ինչպէս նաեւ եղած է արաբական քանի մը ակումբներու մարզիչ:  

Հայաստանի Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարը Հանդիպեցաւ Մետալներու Տիրացած Հայ Ըմբիշներուն

Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան ընթացքին մետալներու տիրացած հայ ըմբիշները երէկ վերադարձան Հայաստան: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Թիֆլիսէն Երեւան ճամբուն վրայ զանոնք դիմաւորեց եւ շնորհաւորեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նոր նշանակուած նախարար Լեւոն Վահրադեան: Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան ընթացքին հայ ըմբիշները տիրացան 3 մետալի: Ռաֆայէլ Յարութիւնեան (45 քկ) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, Մանուէլ Խնձրցեան...

Page 838 of 1278 1 … 837 838 839 … 1,278

Արխիւներ