Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ երկրորդ մրցումը:
Սելթիքս, որ առաջին մրցումին յաղթած էր իր դաշտին վրայ, անգամ մը եւս եկաւ յաղթելու իր հիւրին, այս անգամ` 107-94 արդիւնքով: Առաջինին Սելթիքս յաղթած էր 108-83 արդիւնքով:
Քաւալիրզի մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմսի իրագործած թրիփըլ-տապըլը (42 կէտ, 12 էսիսթ, 10 ռիպաունտ), իր կազմը չփրկեց պարտութենէ մը:
Երրորդ եւ չորրորդ մրցումները տեղի պիտի ունենան Քլիվլենտի մէջ: