Մակեդոնիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ, ազատ ոճի ըմբիշ Ռաֆայէլ Յարութիւնեան 45 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Աւարտականին հայրենի ըմբիշը 10-0 արդիւնքով յաղթեց Մակեդոնիոյ ներկայացուցիչին: Ան կիսաւարտականին այլ յաղթանակ մը արձանագրած էր ազրպէյճանցի Քանան Հէյպաթովի դէմ (10-0):
Իսկ 51 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկած Մանուէլ Խնձրցեան հասաւ մինչեւ աւարտական, ուր սակայն պարտուելով տիրացաւ արծաթ մետալին: