Ինչպէս ծանօթ է, 20-24 յունիսին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարք մը: Մասնակցող խումբերուն կարգին կրնան ըլլալ Հայաստանի, Քաթարի, Թունուզի, Մարոքի եւ Լիբանանի ազգային խումբերը:
Այս մրցաշարքը կազմակերպող «Սթեփ ըհետ սփորթց սքուլ» ընկերութեան ընդհանուր պատասխանատու Ֆուատ Ժըրժես պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Էլիթ Ինշուրընս» ընկերութեան պատասխանատու Ռաժի Հիւսէյնիի հետ (վերջինիս գրասենեակին մէջ, Պէյրութ), որ պիտի ըլլայ մրցաշարքին գլխաւոր հովանաւորը:
Վերջին երեք տարիներուն, Ֆուատ Ժըրժեսի կազմակերպած բոլոր մրցաշարքերն ալ մեծ յաջողութեամբ պսակուած են: