«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, արեւմտեան շրջանի աւարտական ճակատումին երկրորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման եկան Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, դարձեալ առաջինին դաշտին վրայ:

Ռոքեթց, որ առաջին մրցումին պարտուած էր (119-106), յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1)` արձանագրելէ ետք 127-105 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (27 կէտ, 10 ռիպաունտ), մինչ Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 38 կէտ:
Երրորդ եւ չորրորդ մրցումները տեղի կ՛ունենան Ուորիըրզի դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի արեւելեան շրջանի աւարտականին, այժմ Պոսթըն Սելթիքս 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Քլիվլենտ Քաւալիրզը` իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ (108-83, 107-94):
Մրցումները կը վերսկսին կիրակի, 20 մայիսին: