Երէկ ՖԻՖԱ-ի հրապարակած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականին դիրքը մնաց անփոփոխ` 98-րդ: Նախորդ հրապարակումէն ետք հայրենի կազմը, որ մրցում չկատարեց, որ տրամադրութեան տակ ունի վարկանշային 347 կէտ:
Լաւագոյն տասնեակին մէջ եւս փոփոխութիւներ չկան:
Գերմանիա կը շարունակէ մնալ առաջին, Պրազիլ` երկրորդ, իսկ Պելճիքա` երրորդ:
Այս տարուան սեպտեմբերին սկսող Ազգերու լիկայի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք մրցումներուն Հայաստանի մրցակիցներուն գրաւած դիրքերն են.
Մակեդոնիա` 77-րդ, Լիխթնշթայն` 181-րդ, իսկ Ճիպրալթար` 196-րդ: