Պէյրութի Արաբական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած Լիբանանեան համալսարաններու տղոց եւ աղջկանց պետմինթընի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, որուն լոյսին տակ յստակացան տիտղոսակիրները:
Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան տիտղոսներուն:
Սեն Ժոզեֆի տղոց կազմը ապահովեց 76 կէտ` 7 հանգրուանի մրցումներէն ետք, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (52 կէտ):
Ինչ կը վերաբերի Սեն Ժոզեֆի աղջկանց խումբին, անիկա ապահովեց 70 կէտ, մինչ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` 35 կէտ:
Մասնակցող խումբերուն կարգին էր նաեւ Հայկազեան համալսարանը: