Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի աւարտէն մէկ հանգրուան առաջ ապահովելով տիտղոսը, Եուվենթուս սահմանեց 2 մրցանիշ:
Բարելաւելով իր հաստատած մրցանիշը` ակումբը 34-րդ անգամն ըլլալով հռչակուեցաւ Իտալիոյ ախոյեան: Բացի ատկէ, Եուվենթուս առաջին ակումբն է, որ Իտալիոյ ախոյեան կը դառնայ յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով:
Իսկ Եուվենթուսի 40 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն դարձաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ կը դառնայ Իտալիոյ 9-ակի ախոյեան:
Ան 2001-էն ի վեր, մաս կը կազմէ Եուվենթուսին: