Գերմանական Պայէրն Միւնիխի հոլանտացի միջնապահ Արժեն Ռոպեն երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: Նոր պայմանագիրով, 34 տարեկան ֆութպոլիստը տարեշրջան մը եւս Միւնիխ պիտի մնայ, յայտնեց «Պունտըսլիկայ»-ի ախոյեանին պաշտօնական կայքը:
2009-ին Պայէրնի միացած Ռոպեն, աւարտած տարեշրջանին իր կազմին հետ իր կատարած 21 մրցումին ընթացքին, նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 7 էսիսթ:
2018-2019 տարեշրջանին իր ակումբին Փորթոյի հետ պիտի շարունակէ նաեւ ելոյթ ունենալ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ իր կարգին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մէկ տարեշրջանով:
36 տարեկան Քասիաս նախորդ տարեշրջանին 20 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ միայն 9 կոլ:
Ան 2015-ին Ռէալ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Փորթօ: