Հակառակ անոր որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին, սակայն Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ կ՛ուղղէ համակիրներուն չմեկնելու Ռուսիա:
Նախարար Փաւել Քրիմքին իր հայրենակիցներուն խորհուրդ տուաւ, որ Ռուսիա չմեկնին, որովհետեւ Ռուսիոյ մէջ պիտի ըլլան սադրանքներ, եւ ուքրանացիները ատոր ի տես իրենք զիրենք պիտի չկարենան անվտանգ զգալ:



