Մարզական

Մահացաւ Հայաստանի Սամպոյի Ֆետերասիոնին Նախագահը

Ծանր հիւանդութենէ մը ետք մահացաւ Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան, յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան իր կեանքին ընթացքին ստանձնած է տարբեր պաշտօններ: Եղած է վաստակաւոր մարզիչ, սամպոյի եւ ժիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի հիմնադիր-տնօրէն, արցախեան ազատագրական շարժումի եւ պատերազմի մասնակից, զինուած ուժերու գնդապետ եւ նուիրեալ հայրենասէր:  

Թենիս. Ֆետերեր Դարձեալ Շրջանցեց Նատալը. Խաչանով` 36-րդ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր դարձեալ շրջանցեց սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը եւ անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 8670 կէտ: Նատալ ունի 7950 կէտ: Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ ունի 1255 կէտ, կը գրաւէ 36-րդ դիրքը. (նախապէս` 38-րդ): Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ ռումանացի...

Լոյեւ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ

Աշխարհի ֆութպոլի գործող ախոյեան, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` Եոաքիմ Լոյեւ, 2 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը, յայտնեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտին համաձայնագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2022: Նոյն ձեւով պայմանագրութիւններ կնքեցին անոր երկու օգնականները` Թոմաս Շնայտըր եւ Անտրէաս Քէօփքէ: 58 տարեկան Լոյեւ 2006-էն ի վեր Գերմանիոյ մարզիչն է:

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Դարձեալ Կը Մասնակցի «Նորուէյ-Չես»-ի Մրցաշարքին

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դարձեալ կը մասնակցի Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ 28 մայիսէն 8 յունիս տեղի ունենալիք «Նորուէյ Չես»-ի ճատրակի գերմրցաշարքին: Արոնեան այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն է: Նշենք, որ անոր մրցակիցներուն շարքին պիտի ըլլան աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, աշխարհի նախկին ախոյեան հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ եւ ուրիշներ: Այս մրցաշարքը 2017-ին մասնակցողներու վարկանշային դրութեամբ ճատրակի աշխարհի ամէնէն զօրաւորագոյն մրցաշարքը...

Լիւքսամպուրկի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ալեքսանտր Կարապետեան` Դարձեալ Հեթրիքի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան կը շարունակէ արդիւնաւէտ խաղ ցուցադրել Լիւքսամպուրկի ֆութպոլի ախոյեանութեան: 25-րդ հանգրուանին, Փրոկրես Նիտերքոռն Կարապետեանի հեթրիքին շնորհիւ (7-րդ, 79-րդ եւ 82-րդ) իր դաշտէն դուրս 6-1 արդիւնքով յաղթեց Հոսթերթի: 30 տարեկան Կարապետեան, որ նախորդ հանգրուանին եւս հեթ-թրիք մը իրագործած էր, այժմ կը գրաւէ երկրին կոլսքորըրներու դասաւորման առաջին դիրքը` 28 կոլով: Անոր կազմը այժմ 60 կէտով...

Թոմաս Թուխել Նշանակուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Մարզիչ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին խումբը պիտի գլխաւորէ Թոմաս Թուխելը: Գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտը փարիզեան ակումբին հետ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը: Թուխել մարզիչի իր ասպարէզին սկսաւ Օկզպուրկի հետ, ապա եղաւ նաեւ Մայնց-05-ի եւ Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ: Սեն Ժերմենի այժմու մարզիչն է Ունայ Էմերի, որ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց` ձեռք ձգելով Ֆրանսայի...

ՀՄԸՄ-ը` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեան

ՀՄԸՄ-ը` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ձգտող եւ այդ նպատակին համար ջանք ու ճիգ թափող ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբի նպատակը երէկ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, երբ ան 74-59 արդիւնքով տապալեց իր մրցակից խումբը` Ռիատի Պէյրութը: Յետմիջօրէի կանուխ ժամերէն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի հազարաւոր համակիրները արդէն իսկ լեցուցած էին «Աղբալեան- ՀՄԸՄ»- մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտը: Ժամեր շարունակ անոնք երգեցին եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ իրենց...

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Փոխախոյեան

Երէկ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Նատուա Քամաթիէի միջեւ: ՀՄԸՄ ախոյեանութիւնը աւարտեց հանդիսանալով փոխախոյեան` պարտուելէ ետք իր մրցակիցէն (3-0): ՀՄԸՄ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմային: ՀՄԸՄ Պէյրութին մաս կազմեցին Նոել Քէշիշեան, Լարա Քեչեպաշեան, Սեւան Չաքմաքճեան եւ...

Ճատրակ. Լիբանանի Դպրոցական Ախոյեանութիւն. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 13 մայիսին, Սայտայի մէջ գտնուող Ռաֆիք Հարիրիի անուան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի դպրոցական 2018-ի ախոյեանութիւնը: Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` իր աշակերտներուն փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ: Այս ախոյեանութեան Մեսրոպեանը ներկայացուցին Նանոր Արնելեան, Ճիօ Գալուստ, Կարօ Գալֆայեան, Կի Գալուստ, Մարք Կիւլկիւլեան, Նայիրի Արնելեան, Շարպել Ստեփան եւ Արեգ Ճենանեան: Անոնց մարզիչն էր Էլի...

Յովհաննէս Համբարձումեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական

Մակեդոնական Վարտարի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` մասնակցելու համար Մալթայի (29 մայիս) եւ Մոլտովայի (4 յունիս) դէմ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Համբարձումեան նախապէս չէր ընդգրկուած հաւաքական հրաւիրուած 19 ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ: Վերոնշեալ երկու մրցումները պիտի ըլլան առաջին երկու մեկնարկային հանդիպումները, խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին` Վարդան Մինասեանի վերադարձէն...

Ժիւտօ. Եւրոպայի Բաժակի Մրցաշարք. Մերուժան Սարգսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ժիւտոյի երիտասարդական հաւաքականը 12-13 մայիսին Լաթվիոյ Քաունաս քաղաքին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին: 66 քկ դասակարգին մէջ, Մերուժան Սարգսեան արձանագրելով 5 յաղթանակ, գրաւեց երրորդ դիրքը: Մրցաշարքին մասնակցեցան 24 երկիրներէ 345 մարզիկներ: Այժմ Հայաստանի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ յատուկ հաւաքի մը, յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը:

Էն. Պի. Էյ.»- Փլէյ-Օֆ. Ռոքեթց – Ուորիըրզ` 0-1. Սելթիքս – Քաւալիրզ` 1-0

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ (փլէյ-օֆ) սկիզբ առին արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու աւարտական ճակատումները: Արեւելեան շրջանին մէջ, այժմ Պոսթըն Սելթիքս 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Քլիվլենտ Քաւալիրզը` իր դաշտին վրայ արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (108-83): Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ Պոսթընի մէջ: Ճէյմս Հարտեն Արեւմտեան շրջանին մէջ, Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյէթ Ուորիըրզը, անկէ կրեց 119-106...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Եօթներորդ Ճակատագրական Մրցումը, Ուր Կը Յստականայ Լիբանանի Ախոյեանին Անունը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Եօթներորդ Ճակատագրական Մրցումը, Ուր Կը Յստականայ Լիբանանի Ախոյեանին Անունը

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած մարաթոն մրցումէ մը ետք, ի վերջոյ աւարտեցաւ Ռիատի - ՀՄԸՄ վեցերորդ մրցումը, քանի մը անգամ ընդմիջուելէ ետք: Ռիատիի կատղած եւ վայրենի համակիրները (բառին բուն իմաստով) արգելք հանդիսացան մրցումին հեզասահ ընթացքին` դէպի դաշտ թմբուկ հարուածելու երկաթէ ձողեր եւ տախտակներ նետելով: Մարզիկներուն ապահովութիւնը նկատի առնելով, ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուները երկու անգամ քաշուեցան մրցումէն եւ ուղղուեցան հանդերձարան: Զարմանալիօրէն, այլ առիթներու, երբ...

Սարգիս Տօնապետեան  Ոչ Եւս Է

Սարգիս Տօնապետեան Ոչ Եւս Է

1990-էն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի շապիկը կրած եւ աւելի քան 20 տարի մինչեւ վերջին քրտինքի կաթիլը պայքարած Սարգիս Տօնապետեան երէկ` երկուշաբթի, 14 մայիսին իր վերջին շունչը փչեց` վերջ տալով հիւանդութեան դէմ իր երկար պայքարին: Մեր ցաւակցութիւնները հանգուցեալին ընտանիքին: Համբերութիւն բոլոր հարազատներուն...

«Փորշ-Սուփըր-Քափ»-ի Ախոյեանութիւն. Ֆայսալ Զուպէյր Պարսելոնայի Մէջ Գրաւեց 13-րդ Դիրքը

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ «Փորշ-Սուփըր-Քափ»-ի 2018-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ Ա. հանգրուանի մրցումը` Պարսելոնայի մէջ (Սպանիա): Օմանցի երիտասարդ վարորդ Ֆայսալ Զուպէյր յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով գրաւել 13-րդ դիրքը եւ ապահովել 2 կարեւոր կէտեր: Ան մեկնարկին սկսաւ 14-րդ դիրքէն: Բ. հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 24-27 մայիսին, Մոնաքոյի (Ֆրանսա) ճամբաներուն վրայ:  

«Ֆորմիւլա-1». Անգլիացի Հեմիլթընի Յաջորդական Երկրորդ Յաղթանակը

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած Պարսելոնա - Քաթալոնիա կրան փրիին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, առաջին հանդիսացաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 35' 29" արդիւնք մը: Հեմիլթըն, որ այժմ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 95 կէտ, այսպիսով յաջորդաբար երկրորդ կրան փրին ըլլալով հանդիսացաւ...

Պասքեթպոլ. Անթուան Շարթիէի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Պասքեթպոլ. Անթուան Շարթիէի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Հուփս Եւ Էներժի Տիրացան Տիտղոսներուն Նախորդ շաբաթավերջին Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) իր աւարտին հասաւ Անթուան Շարթիէի յիշատակին նուիրուած տղոց պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով: Անոր մասնակցեցան 40 ակումբներու շուրջ 800 մարզիկներ` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. 16 տարեկանէն վար (2002-2003), 14 տարեկանէն վար (2004-2005), 12 տարեկանէն վար (2006-2007), 10 տարեկանէն վար (2008-2009): 16 տարեկանէն վար տիտղոսին...

Լիբանանի Մինի-Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը: Ներքին ապահովութեան ուժերու կազմը տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով յաղթելէ ետք Աթլեթիքօ Ժիպէյլի: Մրցումը նոյնիսկ երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ: Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխան Ալեն Աուն, Լիբանանի մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշ եւ այլ անդամներ, որոնք աւարտին կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը: Երրորդ դիրքի մրցումին, Իթթիհատ Ըտէյսէ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսարի Կրտսերներու Խումբը Հանդիսացաւ Ախոյեան

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ: Անսարի կրտսերներու խումբը հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` արձանագրելով հինգ յաղթանակ եւ հինգ հաւասարութիւն: Աւարտին, յաղթական խումբին տիտղոսը յանձնեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին անդամ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան:

Ֆրանսացի Լիլիան Թիւրամ Անթունիէ Համալսարանի Մէկ Ակադեմիային Բացման Ներկայ Եղաւ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Անթունիէ համալսարանի Մըժտլայա-Զղարթա ֆութպոլի ակադեմիային պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Լիլիան Թիւրամի: Բացման այս մրցումին ներկայ գտնուեցան շուրջ 300 երկսեռ աշակերտներ, որոնք պիտի այցելեն ֆութպոլի այս ակադեմիան: Զղարթայի մէջ Թիւրամ տեսակցեցաւ Սալամ - Զղարթա ակումբին նախագահ հայր Սթեֆան Ֆրենժիէի եւ այլ պատասխանատուներու հետ, որոնց կարգին` շրջանի ֆութպոլիստները:

Page 840 of 1278 1 … 839 840 841 … 1,278

Արխիւներ